2014-09-15 09:42:53

Հրապարակային աղօթք` ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախօրեակին։


Իտալիոյ եկեղեցին շաբաթ, 4 Հոկտեմբերը հռչակած է որպէս աղօթքի եւ խորհրդածութեան օր, նուիրուած ընտանիքի մասին գումարուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին որ տեղի կ՛ունենայ 5-19 հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ, որպէս նիւթ ունենալով ``Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս``։
Աղօթքի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 4 հոկտեմբերի ժամը 18-19.30, ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ։
Վերոյիշեալ սիւնհոդոսի նախօրեակին, Իտալիոյ եկեղեցին կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը բերելու ս. Պետրոս հրապարակի վրայ կազմակերպուած աղօթքի արարողութեան միասնաբար խորհրդածելու ընտանիքին գեղեցկութեան ու անոր արժէքին մասին։
Հաւաքը պիտի եզրափակուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջամտութեամբ։ Այս նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ եկեղեցին կ`ուզէ ընդգծել կարեւորութիւնը ընտանիքին` որ է ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ կենսական բջիջը եւ միաժամանակ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած որպէսզի Ս. Հոգին լուսաւորէ սիւնհոդոսական Հայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.